Իզապէլ Մանուկեանի Ցուցահանդէսը
Փարիզի 5-րդ թաղամասի քաղաքապետարանի «Ռընէ Քափիթան» սրահին մէջ, 24 Յունուար-4 Փետրուար թուականներուն միջեւ, տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ Իզապէլ Մանուկեանի «Լը փարքէ տը Լուվր» թեմայով ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած պաստառներուն մէջ արծարծուած է կրօնական թեման՝ զանց առնելով տարածութիւններու եւ ժամանակի ընդունուած չափանիշները:

Ռուսական ռազմաօդանաւ մը թիւրիմացութեամբ ռմբակոծեց շէնք մը, ուր կը գտնուէին թուրք զինուորներ. 3 նահատակ:
Ֆրանսուա Օլանտ յաջորդ ամիս պաշտօնական այցով Փարիզ հրաւիրած է Սերժ Սարգսեանը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը համար այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ Տարեմուտի դրութեամբ պաշտօնի կոչուած ընդհանուր քարտուղարը առաջին անգամ կը հիւրընկալուի Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։

Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ սադրանքներով հանդէս գալ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի զօրքերը հրադադարի խախտումները հետզհետէ կը խտացնեն, այդ երկրի ղեկավարը՝ Իլհամ Ալիեւն ալ հանդէս կու գայ սադրիչ յայտարարութիւններով։
Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական Մատենադարանի ուսումնարան 2016 թուականին այցելած է 89 հազար մարդ: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, Մատենադարանի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան նշած է, որ այցելուներու այս ցուցանիշը 3 հազարով գերազանցած է 2015 թուականի տուեալները:
Երեւանի Սիրահարներու այգիի տարածքին պիտի տեղադրուի «Սիրահարներ» արձանը: Տեղադրման համաձայնութիւն տալու համար հարցը ընդգրկուած է Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ նիստի օրակարգին մէջ, կը տեղեկացնէ Երեւանի քաղաքապետարանի կայքէջը: