ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Սէրկէյ Լաւրով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը շօշափեց Սեպաստիան Քուրցի եւ Եդուարդ Նալպանտեանի հետ:
Հայ եւ ռուս նախարարները հերթական անգամ կանգ առին Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ անցեալ տարի նախագահներու մակարդակով գոյացած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ: Երեւանի համոզմամբ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անհասցէ յայտարարութիւնները սանձազերծութեան կը մղեն Պաքուն:
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք երէկ ոգեկոչուեցաւ՝ իրեն դէմ կատարուած մահափորձի 10-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ հազարաւորներ բիւր յարգանքով եւ յուզումով հերթական անգամ վերյիշեցին զինքը։
Ատրպէյճան Ռուսաստանի հետ կը բանակցի դարձեալ սպառազինութիւններ ապահովելու համար:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփ այսօր պաշտօնապէս կը ստանձնէ նախագահի պաշտօնը։ Ան կը յաջորդէ Պարաք Օպամային, որ անցեալ շուրջ ութ տարիներուն երկու շրջան ղեկավարեց ներկայ աշխարհի հիմնական գերտէրութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Պետրոս Շիրինօղլուն:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, լոյս ընծայեց հեղինակաւոր պատմաբան ու վիմագրագէտ Արսէն Յարութիւնեանի կողմէ հեղինակուած՝ «Վաղարշապատ. վանքերը եւ վիմական արձանագրութիւնները» աշխատութիւնը։ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի մեկենասութեամբ հրատարակուած է այս գործը, որ նուիրուած է Վաղարշապատի վանքերու վիմագրական ժառանգութեան համակողմանի քննութեան։
Յունուարի 21-ին, Երեւանի Յովհաննէս Շարամբէյեանի անուան ժողովրդական ստեղծագործութեան կեդրոնին մէջ պիտի բացուի Արագած Ախոյեանի՝ «Վերադարձ…» խորագրեալ գեղանկարչական աշխատանքներու ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութիւնը։