ԱՆԳԼԻԱՑԻ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէնութեան ղեկավար Սարա Սուինֆորտ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Կարէն Նազարեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քաղաքական երկխօսութեան, առեւտրատնտեսական համագործակցութեան, մշակութային փոխանակումներու աշխուժացման ուղղութեամբ ձեռնարկուած քայլերը։
Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին վերջերս շնորհուեցաւ՝ Հայաստանի մէջ գործող «Վասպուրական» հայրենակցական միութեան պատուոյ անդամի կոչում։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տարօն Մարգարեան այս առթիւ հանդիպում մը ունեցաւ այդ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչներուն հետ։
Խրիմի մէջ սկսած է ռուս բեմադրիչ Ալեքսանտր Քոթի «Սպիտակ» շարժանկարի նկարահանումները, որ նուիրուած է Հայաստանի մէջ 1988 թուականի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին: Շարժապատկերին մէջ կը խաղան հայ եւ ռուս, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի դերասաններ:
Քարիւղի ճարտարապետներու միջազգային ընկերակցութիւնը վերջերս իր «Առողջապահութեան, ապահովութեան, կենսոլորտի պահպանման եւ ընկերային պատասխանատւութեան» մրցանակը շնորհած է Տքթ. Մարիանա Ոսկանեանին։
Վենեզուելայի մէջ սկսած են նոր ուղղահայեաց թղթադրամներ հրապարակել՝ 500-էն մինչեւ 20.000 պոլիվար արժէքով: Մինչեւ հիմա մեծագոյն արժէքով թղթոսկին 100 պոլիվարն էր, որուն վրայի պատկերը եւս ուղղահայեաց դիրքով տպագրուած է:
Երեւանի մէջ երէկ կազմակերպուեցաւ եզակի հաւաք մը, որ մէկտեղեց բազմաթիւ հայերնադարձներ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան աւարտելով իր պաշտօնական ուղեւորութիւնը դէպի Թեհրան՝ վերադարձաւ Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ուղեւորութեան վերջին փուլին Վիգէն Սարգսեան հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Այէթուլլահ Խամանէյի արտաքին քաղաքական հարցերով խորհրդականին՝ Ալի Էքպէր Վելայէթիի հետ։
Մոսկուայի «Չայքովսքի» պետական երաժշտանոցը վերջերս նուէր ստացաւ աշխարհահռչակ յօրինող Արամ Խաչատուրեանի կիսանդրին։ Կը հաղորդուի, որ այդ քանդակը պիտի տեղադրուի երաժշտանոցի մեծ դահլիճի մուտքասրահին մէջ։