ԱՌԱՋԻՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը աւարտեց իր պաշտօնական այցելութիւնը դէպի Մոսկուա։ Ռուսաստանի Վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւի հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս ուղեւորութիւնը, որու շրջագծով Կարէն Կարապետեան երէկ Մոսկուայի կեդրոնին ծաղկեպսակ մը զետեղեց Անծանօթ զինուորի յուշարձանին մօտ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնն ու քարտուղարութեան գլխաւոր պատասխանատուները։
Հայաստանի մէջ կը շարունակուի խստաշունչ ձմեռը։ Ինչպէս աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ, այնպէս ալ Հայաստանի պարագային այս տարուան ձմեռը յարաբերաբար աւելի խիստ է ու մանաւանդ՝ ձիւնն ալ առատ։

Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ իր վարչակազմը յառաջիկային ինչպէ՞ս կրնան անդրադառնալ հայկական հարցին:
Հայ-ռուսական համագործակցութեան ընթացքը երէկ քննարկուեցաւ վարչապետներու մակարդակին վրայ:
Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան աշխատանքները գրեթէ աւարտած: