ՆԱԽԻՋԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁ
Ատրպէյճանի բանակը երէկ զօրավարժութիւններու սկսաւ Նախիջեւանի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ ինքնավար Հանրապետութենէն ներս ռազմափորձերուն կը մասնակցի առանձին բանակ մը։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ զօրավարժութիւններու սկսաւ Նախիջեւանի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ ինքնավար Հանրապետութենէն ներս ռազմափորձերուն կը մասնակցի առանձին բանակ մը։
Ճաբոնէն յայտնի գիտնական Եոշինորի Օհսումի նուաճեց 2016 թուականի Նոպէլեան բժշկութեան մրցանակը։ 71-ամեայ գիտնականը նպաստած է՝ որպէսզի քաղցկեղի եւ փարքինսոնի նման հիւանդութիւնները ըմբռնուին աւելի լաւ։
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան նախընթաց գիշեր յարձակման ու կողոպուտի ենթարկուեցաւ Փարիզի մէջ, ուր կը գտնուէր մասնակցելու համար նորաձեւութեան շաբթուան։ Կէս գիշերը անց, ոստիկանական տարազով անձ մը յաջողեցաւ մուտք գործել Քիմ Քարտաշեանի իջեւանած բնակարանը՝ չէզոքացնելով պահակը։
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կողմէ:
Ֆրանսիսքոս Ա. մէկտեղուեցաւ Նախագահ Իլհամ Ալիեւի, կողակցին եւ իր ընտանիքի անդամներուն հետ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ուորլիք ընդծգեց, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխուժօրէն աշխատիլ միւս համանախագահներուն հետ՝ հակամարտ կողմերուն համար ընդունելի լուծում մը գտնելու նպատակով։
Իր մահկանացուն կնքեց տասնեակ մրցանակներու եւ գնահատագրերու, Իսլամական մշակոյթի ու առաջնորդման նախարարութեան կողմէ արուեստի տոքթորի կոչումին եւ արուեստի առաջին կարգի մետայլի արժանացած իրանահայ անուանի արձանագործ Նշան Թանիք:
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
5 հայեր զոհուեցան, 11 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը յայտնեց խոր մտահոգութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգով:
Մօտ օրէն Հայաստանէն երկու օդանաւով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի փոխադրուի Սուրիա:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։