ԻՏԱԼԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԱԹԷՕ ՌԵՆՑԻ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ
Իտալիոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Սահմանադրութեան բարեփոխման համար հանրաքուէ մը։ Կառավարութիւնը կը պահանջէր բարձրացնել իր լիազօրութիւնները։ Կը հաղորդուի, որ ժողովուրդը ընթացք չէ տուած Սահմանադրութեան փոփոխութիւններուն։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալեց լուսանկարիչ Նուրհան Աքքայան, որ վերջերս ցուցահանդէս մը բացաւ Երեւանի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ լրագրող Սեւան Աթաօղլու, որ այդ ցուցահանդէսին կազմակերպման աշխատանքները համակարգած էր։
«Սարեան» լարային նուագարաններու քառեակը վերջերս համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Սա ուսուցողական երաժշտական համերգային ծրագիր մըն էր, որ նախատեսուած էր պատանիներու համար։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր շփումներ կ՚ունենայ Պաքուի մէջ։ Ան կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի կողմէ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորընտիր փոխ-նախագահ Մայք Փենսի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեղի ունեցաւ ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ։
Օթթաուայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ լուսանկարներու ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած էր միջնադարեան Անի քաղաքին։
Հալէպահայ երէց սերունդէ յայտնի մտաւորական Թորոս Թորանեան, որ վերջին տարիներուն հաստատուած է Երեւան, վերջերս զրուցեց «Արեւելք» կայքէջին հետ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր հետ կատարուած տեսակցութիւնը, որու ընթացքին շեշտած է, որ Սուրիոյ գաղութը պիտի պահպանուի՝ Հայաստանի համար։