ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԸ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Սեմ Սիմոնեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս գործունէութիւն ծաւալող ընկերութեան համահիմնադիր Էլի Աքիլեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը ուրախ է յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, սակայն, կը կարծէ, թէ շատ աւելին կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ Եւորասիոյ տնտեսական երրորդ համաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի արտաքին առեւտուրին տեսակէտէ ԵԱՏՄ յառաջատար գործընկեր կը հանդիսանայ։
Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ մեծ կռիւ մը ծագեցաւ՝ հայկական եւ թրքական ֆութպոլի խումբերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, երբ թրքական «Թուրքուազ» եւ հայկական «ՀՄԸՄ-Վալանս» խումբերը կ՚ունենային հանդիպում մը։
Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ եւ հոգեւոր արթնութեամբ:
«Էջ Միածինն ի հօրէ» շարականն ու Հայրապետական մաղթանքը արտասովոր հնչեցին մայրավանքի համալիրէն ներս՝ հազարաւոր ուխտաւորներու աղօթակցութեամբ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու մէջ առկայ են խնդիրներ, որոնք պէտք է փորձել վերացնել։
Եւրոմիութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նախօրէի վերջին պնդումներուն ու քննադատութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոմիութեան առաքելութեան եւ երկրի «ռազմականացման» վերաբերեալ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մերձեցումներու պարագային կը նկատուի դրական տրամադրութիւն մը։