ՆԱՐԵԿ ՀԱԽՆԱԶԱՐԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԵՐԱԶԱՅԻՆ ՆՈՒԱԳԱՐԱՆԻ ՄԸ
Տաղանդաւոր թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը շարունակէ արձանագրել նորանոր նուաճումներ եւ ամրապնդել իր համբաւը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ան վերջերս հնարաւորութիւն ունեցաւ նուագելու շատ խորհրդանշական նուագարանով մը։ Այսպէս, Նարեկ Հախնազարեան նուագեց այն թաւջութակով, որ 1707 թուականին արտադրուած էր նուագարաններու աշխարհահռչակ վարպետ Ճիւզեփփէ Կվարներիի կողմէ։ Այդ թաւջութակով ցայսօր նուագած են բազմաթիւ անուանի երաժիշտներ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան համաձայնութեան հասան՝ որպէսզի կէս գիշերին հրադադար հաստատուի Սուրիոյ մէջ:
Սերժ եւ Ռիթա Սարգսեան ամոլը նախագահական ապարանքին մէջ կը հիւրընկալեն բազմաթիւ փոքրիկներ:
Հայաստանի նախագահը երէկ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ մասնակցեցաւ ԵՏՄ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովներուն:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն Սուրիոյ մէջ յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները։ Ինչպէս ծանօթ է, Էլ Պապ քաղաքին վրայ ներկայիս կեդրոնացած են բանակի աշխատանքները։