«ԹՈՒՄՕ»Ն՝ ԳԵՐԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Եւրոյանձնաժողովի հետազօտութեան, գիտութեան ու նորարարութեան հարցերով յանձնակատար Քարլոս Մոէտաս վերջերս Պրիւքսելի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ «Գերազանցութիւն տարածելով եւ անցնելով նորարարութեան սահմանները» խորագրեալ գիտաժողովին ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, եւրոպացի յանձնակատարը, որ մօտաւոր անցեալին այցելած էր Հայաստան, այդ հաւաքոյթին ընթացքին բաժնեց իր ուղեւորութեան վերաբերեալ տպաւորութիւնները։
Ֆրանսախօսութեան կազմակերպութեան 2018-ի գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Երեւանի մէջ քննարկում մը՝ միջազգային մասնագէտներու մասնակցութեամբ:
National Geographic հեղինակաւոր պարբերականը հրապարակեց ցուցակ մը, որու վրայ նշուած են աշխարհի լաւագոյն հինաւուրց վայրերը՝ աստղերու դիտարկման համար։ Այդ ցուցակին վրայ ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանէն Քարահունջը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յօդուածին մէջ նշուած է, որ հայկական այս վայրը կը գտնուի Փորթուգալի նշանաւոր քարերու յուշարձանէն դէպի արեւելք 3000 մղոն հեռաւորութեան վրայ՝ Սիսիեան քաղաքի մերձակայքին։
Նախարար էօմէր Չելիքի ելոյթը՝ «Թուրքիա-Եւրոմիութիւն քաղաքացիական հասարակութեան հանդիպումներ»ուն երկրորդին շրջագծով։
Իսրայէլի Վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Պաքու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ իր ուղեւորութիւնը նախատեսուած է Դեկտեմբերի 13-ին։