Լրահոս

ՎԱՐԿԱՆՇԱՅԻՆ ԱՂԻՒՍԱԿ

Ճատ­րա­կի հա­մաշ­խար­հա­յին դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը՝ ՖԻ­ՏԷ հրա­պա­րա­կեց նոր վար­կան­շա­յին ա­ղիւ­սա­կը, որ կ՚ընդգր­կէ աշ­խար­հի հա­րիւր ու­ժե­ղա­գոյն ճատ­րա­կի մար­զիկ­նե­րը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի հա­ւա­քա­կա­նի ան­դամ Լե­ւոն Ա­րո­նեան ե­րէ­կուան դրու­թեամբ կը գտնուի հին­գե­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նին վրայ։

ՂԱՐԱԲԱՂԵԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Կրի­կո­րի Քա­րա­սին եւ Մոս­կուա­յի մօտ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ճոն Թեֆթ շա­բա­թա­վեր­ջին ու­նե­ցան հան­դի­պում մը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րը։

Հանրային Ձայնասփիւռին 90-ամեակը

Այս տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի նշուի Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին՝ 1926 թուա­կա­նին 25 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ հե­ռար­ձա­կուած կա­յա­նին ծննդեան 90-ա­մեա­կը: Նշենք, որ թէեւ հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը այս կա­յա­նը կը նկա­տեն ա­ռա­ջի­նը, սա­կայն իս­կու­թեան մէջ ա­ռա­ջին կա­յա­նը սկսած է գոր­ծել ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, 1919-ին:

Ջրային Պաշարներու ՊահպանութԻՒՆԸ

«Քո­քա-քո­լա հել­լէ­նիկ Ար­մէ­նիա» ըն­կե­րու­թիւ­նը եւ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին զար­գաց­ման գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­մա­տե­ղեն ի­րենց ու­ժե­րը Ա­րա­րա­տեան դաշ­տին մէջ ջրա­յին պա­շար­նե­րու պահ­պան­ման հա­մար:

ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ

​Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդին կազմը փոխուեցաւ կառավարութեան որոշմնագրով:
Ժողովրդավարութեան հերթապահութիւնը այս շաբաթավերջին գագաթնակէտին պիտի հասնի Իսթանպուլի մէջ: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ եւ ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլու այսօր կը տեսակցին՝ 15 Յուլիսէն ի վեր երկրորդ անգամ:

ՏԱՆՖՈՐՏ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Ճո­զըֆ Տան­ֆորտ այ­սօր շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Ան­գա­րա­յի մէջ, ուր կը հիւ­րըն­կա­լուի ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Ա­մե­րի­կա­ցի բարձ­րաս­տի­ճան զի­նուո­րա­կա­նը Թուր­քիա ժա­մա­նե­լէ ա­ռաջ տե­սակ­ցե­ցաւ Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նիի հետ։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թիֆ­լիզ՝ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Վրաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Հայաստանի Մէջ Ծնած է 18.4 Հազար երախայ

Ըստ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թեան «Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան վի­ճա­կը 2016 թուա­կա­նի Յու­նուար-Յու­նի­սին» տուեալ­նե­րուն, ըն­թա­ցիկ տա­րուան ա­ռա­ջին կի­սա­մեա­կին երկ­րին մէջ ծնած է 18 հա­զար 439 ե­րա­խայ, իսկ մա­հա­ցած է 14 հա­զար 306 հո­գի, բնա­կան յա­ւե­լա­ճը կազ­մած է 2.7 տո­կոս:

Էջեր