Լրահոս

ԵԸԼՏԸՐԸՄ-ՔԸԼԸՉՏԱՐՕՂԼՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լուի հետ։ ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ւեց 1 ժամ 45 վայր­կեան։

ՄԵՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ, ԻՍԿ ԱՀՄԷՏ ԱԼԹԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵԼԷ ՎԵՐՋ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՌՆՈՒԵՑԱՒ ՀՍԿՈՂՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

15 Յու­լի­սի ձա­խող պե­տա­կան հա­րուա­ծին զու­գա­հեռ ձեռ­նար­կուած հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան մը՝ Փրոֆ. Մեհ­մէտ Ալ­թան։ Հարկ է նշել, որ ա­ւե­լի քան տասն օ­րէ ի վեր Մեհ­մէտ Ալ­թան եւ իր եղ­բայ­րը՝ լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ահ­մէտ Ալ­թան կը հար­ցաքն­նուէին։

«ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ»Ը ՍՏԱՑԱՆ ՏԱՍՆ ԱՐԱԲ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ

«Աու­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի հիմ­նադ­րա­մի միա­ցեալ  նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը հան­դի­սա­ցող եւ 7 մի­լիոն տո­լա­րի ֆոնտ ու­նե­ցող «Ե­րախ­տա­գի­տու­թեան կրթա­թո­շակ» ստա­ցած տասն ու­սա­նող­ներ՝ Սու­րիա­յէն, Պա­ղես­տի­նէն, Յոր­դա­նա­նէն, Լի­բա­նա­նէն Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի սկսին ի­րենց ուս­ման՝ Աշ­խար­հի միա­ցեալ գո­լէճ­ներ (United World Colleges) ցան­ցի դպրոց­նե­րուն մէջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԸ Կ՚ԱՇԽԱՏԻ ԱՇԽՈՅԺ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւէն ներս ա­մէն տա­րի շուրջ 200 հա­զար թերթ փաս­տա­թուղթ կը թուայ­նա­ցուի։ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջին օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ար­խի­ւի տնօ­րէն Ա­մա­տու­նի Վի­րա­բեան սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին տե­ղե­կա­ցուց՝ թէ մօ­տա­ւոր հա­շուարկ­նե­րով 350 մի­լիոն փաս­տա­թուղթ ի պահ դրուած է ի­րենց մօտ։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ԵՐԿՈՒ ՆՈՐ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇ

«Հայ­փոստ Թրասթ Մե­նեճ­մընթ» շրջա­նա­ռու­թեան մէջ  դրած է եր­կու նա­մա­կա­նիշ՝ նուի­րուած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին:

ԿԱՐՕ ՄՈՒՐԱՏԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Գեր­մա­նիան ներ­կա­յաց­նող հայ ար­հես­տա­վարժ բռնցքա­մար­տիկ Կա­րօ Մու­րատ իր 30-րդ յաղ­թա­նա­կը տա­րաւ նա­քաու­թով: Գեր­մա­նիոյ Կո­փին­կէն քա­ղա­քին մէջ  տե­ղի ու­նե­ցած մե­նա­մար­տին 33-ա­մեայ Մու­րա­տի մրցա­կի­ցը ուք­րա­նա­ցի Եւ­կե­նի Մախ­տէին­քոն էր, որ 12-րդ ռաուն­տին պար­տուե­ցաւ թեք­նիկ նա­քաու­թով:

ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՃՕ ՊԱՅՏԸՆԻ ՀԵՏ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան, որ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի 71-րդ նս­տաշր­ջա­նի բաց­ման փու­լի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու հա­մար կը գտնուի Նիւ Եոր­քի մէջ, տե­սակ­ցե­ցաւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Փոխ-նա­խա­գահ Ճօ Պայ­տը­նի հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան Ճօ Պայ­տը­նը հիւ­րըն­կա­լեց իր ի­ջե­ւա­նած պան­դո­կին մէջ

ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԻՆ

Հանրապետութեան նախագահը երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն:
Էրտողան. «Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը ու կը շարունակէ աշխատիլ՝ այդ երկրէն ներս թռիչքներու համար փակ գօտիի մը ստեղծման նպատակով։ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը քաջալերէ այն ուժերը, որոնք Իրաքի մէջ կը ձգտին ահաբեկիչներէն ազատագրել Մուսուլ քաղաքը»:

Էջեր