ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան շփումներ ունեցաւ Պերլինի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէրի կողմէ։ Օրուան տեւողութեան Նալպանտեան տեսակցեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի, Արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով աւագ խորհրդական Քրիստոֆ Հոյսկէնի հետ։
Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան խմբագրութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ կենսունակութեամբ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նախաձեռնութիւն մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նորանշանակ աւագ մարզիչ Արթուր Պետրոսեան, որ 1 Նոյեմբերի դրութեամբ ձեռնարկած է պաշտօնի, երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն ներկայացուեցաւ՝ երկրի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արթուր Պետրոսեան նշեց, որ կը պատրաստուի փոփոխութիւններու ենթարկել հայկական ընտրանին։ Իր օգնականները պիտի ըլլան՝ Սարգիս Յովհաննիսեան եւ Ռազմիկ Գրիգորեան, որոնք երկար տարիներ մաս կազմած են հայկական հաւաքականին։
Նշանաւոր հայ բեմադրիչ-վաւերագրող, բեմագիր, դերասան Արտաւազդ Փելեշեան Չեխիոյ Եիկլաւա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Վաւերագրական շարժապատկերի միջազգային փառատօնին ընթացքին արժանացած է պարգեւի՝ համաշխարհային շարժապատկերի աշխարհին մէջ ունեցած աւանդին համար։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի երկօրեայ միացեալ ժողովը եզրափակուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալ Մայքըլ Քարփենթըր երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Օրուան տեւողութեան ան ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի կողմէ։