«ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ»ԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ՕՐԻՆԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, թէ «Եփրատի վահան» գործողութիւնները կը շարունակուին իրաւական ինքնապաշտպանութեան շրջագծին մէջ եւ Թուրքիա աչք չէ դրած որեւէ այլ երկրի հողերուն։
Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու կեդրոնին մէջ երէկ բացուեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ-2016» տօնավաճառը։ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիսացաւ բացման արարողութեան պատուոյ հիւրը։
«Կոմիտաս» թանգարանի երդիքին տակ ծրագիր. «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը»:
Հանրապետութեան Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան վաղը պիտի մեկնի Նիւ Եորք՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 71-րդ նստաշրջանի աշխատանքներու բացման։ Իր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Սեպտեմբերի 26-ը եւ այդ ընթացքին ան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ։
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխաններէն Սելինա Տողան վերջերս Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ՝ հաւատի ազատութեան խորհրդարանականներու միջազգային համաժողովին, որու աշխատանքը տեւեց երկու օր։
Պերլին Անգարայի կողմէ յառաջ քշուած նախապայմանը կատարած է՝ Պունտեստակի որոշումէն վերջ:
ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։ Երէկ երեկոյեան ան ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական ժողովը, որու աւարտին Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց իր հրաժարականին մասին։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ երկրի հասարակութիւնը տակաւին կը մնայ բեւեռացած, ուստի պէտք են նոր մօտեցումներ։ «Իմ ամբողջ քաղաքական կենսագրութեան ընթացքին ես պայքարած են քաղաքական անջրպետներու դէմ՝ աշխատելով համագործակցութեան կամուրջներու կայացման համար», աւելցուց ան։