Լրահոս

ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ

Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ արձանագրուած զարգացումը միշտ կ՚անհանգստացնէ Պաքուն:
Եւրոմիութիւնը որոշեց բանակցութիւններու սկսիլ՝ Հայաստանի քաղաքացիներուն ազատ մուտք ապահովելու հեռանկարով:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԷՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ 10 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՈՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ

Եւրոպական խաղաղութեան հիմնադրամին կողմէ 10 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրուի Հայաստանին։ Այս որոշումը արդէն հաստատուած է։ Եւրոպական Միութիւնը առաջին անգամ սոյն հիմնադրամէն յատկացում կը կատարէ Հայաստանին։

ՀԱՐՍՏԱՑՄԱՆ ՅԱՌԱՋԱՏԱՐ

Զուիցերիոյ յառաջատար դրամատուներէն UBS-ի կողմէ վերջերս հրապարակուեցաւ 2024 թուականի Համաշխարհային հարստութեան տեղեկագիրը։ Զուիցերակեդրոն այս հսկայ դրամատան տուեալներով՝ անհատական հարստութեան բարձրացման տեսակէտէ Թուրքիա առաջին հորիզոնականը կը զբաղեցնէ աշխարհի վրայ։

ՄԷԿ ՇՐՋԱՆ ՈՒ ՎԵՐՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ՝ աշնան նախատեսուած ընտրութեան ընդառաջ արտասովոր իրադարձութիւն:
Ճօ Պայտըն հարցախոյզներու կանխատեսումներուն բերումով որոշեց դուրս գալ ընտրապայքարէն, Տանըլտ Թրամփ յուսադրուած վերընտրուելու համար:

ԲԱՐԵՅԻՇԱՏԱԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏ ԿՈՒԼՊԷՆԿԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՄԷՋ

Ազգային անմոռանալի բարերար Գուլուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Լիզպոնի մէջ։ Ամէն տարի երախտաշատ բարերարի ծննդեան օրը առիթ կը հանդիսանայ, որպէսզի անոր յիշատակին նկատմամբ յարգանքը թարմացուի ու բոլորը վերյիշեն իր թողած աւանդին անգնահատելի նշանակութիւնը։

ՀԱՅԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽԹԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ

Երեւանի մէջ, Մատենադարանի համալիրէն ներս կը շարունակուի Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը, որ կը համախմբէ հայ եւ օտար բազմաթիւ մասնագէտներ։ Երէկ ամբողջ օրը գիտական նիստերը շարունակուեցան, իսկ երեկոյեան այս քոնկրէսի մասնակիցները Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ ընթրիքի սեղանի շուրջ հիւրընկալուեցան՝ «Մերկերեան քարփըթ» գորգի գործարանի համալիրի ճաշարանէն ներս։

Էջեր