Լրահոս
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՇՈՒՆՉԸ
Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ քոյր եկեղեցիներու հովուապետները երէկ Խոր Վիրապի սահմանամերձ պատմական վանքէն սպիտակ աղաւնիներ արձակեցին դէպի աստուածաշնչեան Արարատ լեռը՝ ի նշան խաղաղութեան:
Քրիստոնեաներու բազմադարեան բնօրրան:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը եւ Ֆրանսիսքոս Ա. Պապը միջեկեղեցական համագործակցութեան նոր չափանիշներ կը սահմանեն՝ իրենց դրական մօտեցումներով: Քահանայապետին դէպի առաջին քրիստոնեայ երկիր՝ Հայաստան ուխտագնացութիւնը բնորոշուեցաւ աննախընթաց ու անմոռանալի վառ դրուագներով:
«ԱՍՏՈՒԱԾ ՕՐՀՆԷ ՁԵՐ ԱՊԱԳԱՆ ԵՒ ՊԱՐԳԵՒԷ, ՈՐ ՀԱՅ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԻՆ ԿՐԿԻՆ ՁԵՌՔ ԱՌՆՈՒԻ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՏԻՐԷ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ»
Ֆրանսիսքոս Ա. Քահանայապետի Հայաստան այցելութիւնը շատ լայն արձագանգ ստեղծեց՝ նաեւ քաղաքական հարցերու շուրջ պարփակած պատգամներով։ Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատեց հայկական հարցին վերաբերեալ իր դիրքորոշումը՝ 1915-ի դէպքերը հերթական անգամ որակելով որպէս ցեղասպանութիւն։
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ԳՈՅԱՑԱՒ
Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար։ «Րէօյթըրզ» գործակալութիւնը երէկ երեկոյեան ժամերուն այս մասին տեղեկացուց՝ Իսրայէլի պաշտօնատարներէն մէկուն կողմէ փոխանցուած հաղորդումներուն հիման վրայ։
ՈՒՐՄԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԴՊՐՈՑԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Ատրպատականի Ազգային Առաջնորդարանէն կը տեղեկացնեն.-
Երեքշաբթի, 21 Յունիս 2016-ի երեկոյեան, ժամը 6-ին, տեղի ունեցաւ Ուրմիոյ Հայոց Ազգային դպրոցին ամավերջի հանդիսութիւնը հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Ս. Եպսկ. Չիֆթճեանի:
ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԱՒԵՏԻՍ
Այս շաբաթավերջին Հայաստան համայն քրիստոնեայ աշխարհի ուշադրութեան կիզակէտին։
Վեհափառ հայրապետն ու Սրբազան Պապը եղբայրաբար ողջագուրուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի աւագ խորանին վրայ - Երեւանի մէջ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան աղօթք։
Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձանի զետեղման մասին առաջարկը։
ՇԱՀԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԱԾՈՅ
«Ներքաղաքական գործընթացներու իրողութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» խորագրեալ գիրք մը։
Աբրահամ Գասպարեանի աշխատութիւնը լոյս կը սփռէ տարածքաշրջանի առարկայական պատկերին վրայ։
6 ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐ
Թուրքիա երէկ դարձեալ սուգի մատնուեցաւ նոր նահատակներու վերաբերեալ լուրերով։ Երկրի հարաւ-արեւելեան շրջաններուն մէջ ահաբեկչական յարձակումները հերթական անգամ ունեցան ծանր հետեւանքներ։
ՄՈՍԿՈՒԱՅԷՆ ՀՐԱՒԷՐ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիա հրաւիրուած է Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որ Յուլիսի 1-ին տեղի պիտի ունենայ Սոչիի մէջ։
ՔԵՄՐԸՆ ԿԸ ՀՐԱԺԱՐԻ
Brexit-ի արդիւնքը բառին բուն իմաստով ցնցած է ամբողջ աշխարհը։ Այլեւս յայտին է, որ Անգլիա դուրս պիտի գայ Եւրոմիութենէն։ Պրիւքսել առանց Լոնտոնի պիտի շարունակէ իր ճանապարհը, մինչ կողմերը անխուսափելիօրէն պիտի դիմագրաւեն հետեւանքներ։
