ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան դարձեալ համախմբուեցան ցուցարարներ:
«Սասնայ ծռեր» խումբէն Փաւլիկ Մանուկեան դադրեցուց հացադուլը. կը յաջորդէ Աշոտ Պետրոսեան:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան դարձեալ համախմբուեցան ցուցարարներ:
«Սասնայ ծռեր» խումբէն Փաւլիկ Մանուկեան դադրեցուց հացադուլը. կը յաջորդէ Աշոտ Պետրոսեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազ Գէորգ Կոստանեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նախագահ Սերժ Սարգսեան վաւերացուցած է իր հրաժարականը։
Պաքուի մէջ յառաջիկայ Երկուշաբթի տեղի պիտի ունենայ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի եռակողմանի հանդիպումը։ Երեք ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուած են նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան նախընթաց օր Անգարայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Քարիւղի պետական ընկերութեան՝ ՍՕՔԱՐ-ի նախագահ Ռէօվնակ Ապտուլլայեւի հետ։
Ղազախիստանի Նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Հայաստանի կառավարութեան երէկուան ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ հիմնել հարիւր տոկոս բաժնեմասով պետական ընկերութիւն մը, որ հնարաւորութիւն պիտի ունենայ Իրանէն կազ գնելու, ներածելու կամ արտածելու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոր ընկերութիւնը կը կոչուի «Էներկաիմփեքս»։
«Նպատակս է ապրիլ եւ գործել Ջաւախքի մէջ, նպաստել Ջաւախքի մշակութային կեանքի զարգացման», կ՚ըսէ Կարծախ գիւղի բնակիչ, 21-ամեայ Սուսաննա Կարապետեան, որ մասնագիտութեամբ դերձակ-ձեւաւորող է:
Յառաջիկայ Օգոստոսի 12-ին, «Արենի փառատօն» հիմնադրամը, Գորիսի քաղաքապետարանին հետ համատեղ եւ Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ կը կազմակերպէ երրորդ «Սիւնեաց աւանդոյթներ» փառատօնը, Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ: Փառատօնին ներկայ պիտի ըլլան Սիւնիքի մարզի բոլոր համայնքները, որոնք կը ներկայացնեն իրենց բերքն ու բարիքը:
Պետական հարուածի ձախող փորձէն վերջ առաջին անգամ Թուրքիա հիւրընկալեց Եւրոպայէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը:
Եակլանտի խօսքերով, եւրոպացիները յստակօրէն չեն ընկալած զուգահեռ կառոյցի ազդեցութեան հասած համեմատութիւնները:
Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ մարդասիրական տրամադրութիւններու վառ դրսեւորում:
«Կ՚ուզեմ համոզուիք, որ ոստիկանութիւնը ծեծող-ջարդող կառոյց մը չէ, կը պաշտպանէ ժողովուրդը»: