ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐ
ԱՄՆ-ի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը այցելեց Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը եւ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ անակնկալօրէն փութաց նաեւ Ազգային մեծ ժողով ու խիստ պախարակեց պետական հարուածի փորձը:
ԱՄՆ-ի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը այցելեց Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը եւ շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ:
Զօրավար Ճոզըֆ Տանֆորտ անակնկալօրէն փութաց նաեւ Ազգային մեծ ժողով ու խիստ պախարակեց պետական հարուածի փորձը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման ճանապարհին միակողմանի զիջումներ պիտի չըլլան։
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ Պինկէօլի մէջ իրականացուց արիւնալի նոր արարք մը, որուն հետեւանքով վեց զինուոր նահատակուեցաւ։ Պինկէօլի օդակայանին մէջ պաշտօնավարող ոստիկաններուն ծառայողական ինքնաշարժը երէկ երեկոյեան ժամերուն դարձաւ ահաբեկիչներուն թիրախը։
Հայաստան եւ Վրաստան կը ջանան զարգացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ:
Պինալի Եըլտըրըմ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի եւ Տեւլէթ Պահչելիի հետ:
Նախագահ Էրտողան Ենիգաբուի շաբաթավերջի հանրահաւաքին հրաւիրեց նաեւ ընդդիմադիր ղեկավարները:
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚ապրուի հերթական ծանր շրջան մը։ Հալէպի վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին օրերուն մեծ մտահոգութեան առարկայ կը դառնան, սակայն արիւնալի երեւոյթները այդքանով սահմանափակուած չեն։
Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտնեց, որ գաղթականաց հարցին շուրջ Թուրքիոյ հետ ապահովուած համաձայնութիւնը կրնայ ձախողիլ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան Աւստրիոյ «Քուրիէր» թերթին մէջ գրի առած յօդուածին շրջագծով անդրադարձաւ այս հարցին։
Իսրայէլի խորհրդարանէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած հայկական բանաձեւին շուրջ զարգացումները կը շարունակուին։ Երէկ, Քնեսէթի Կրթութեան ու մարմնամարզի յանձնաժողովը քննարկեց ու հաւանութիւն տուաւ այն նախագծին, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։
Ճատրակի համաշխարհային դաշնակցութիւնը՝ ՖԻՏԷ հրապարակեց նոր վարկանշային աղիւսակը, որ կ՚ընդգրկէ աշխարհի հարիւր ուժեղագոյն ճատրակի մարզիկները։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի հաւաքականի անդամ Լեւոն Արոնեան երէկուան դրութեամբ կը գտնուի հինգերորդ հորիզոնականին վրայ։
Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտ վաղը շփումներ պիտի ունենայ Անգարայի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։