ԵՒՐՈՊԱՅԷՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ
Եւրոպական երիտասարդական ֆորումի խորհուրդի անդամները վերջին օրերուն Երեւանի մէջ իրականացուցին իրենց հերթական հաւաքը։ Այս շրջագծով անոնք հիւրընկալուեցան նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ այս կառոյցը Եւրոպայէ ներս երիտասարդական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան մեծ հարթակ մըն է։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի մէջ դաւադիր հրասանդի մը պայթիւնին հետեւանքով, ծառայութեան պատնէշի վրայ նահատակուեցաւ Ռաֆֆի Պըչաքճեան։ Այս մասին կը յայտնէ «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներուն ժողովը:
Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը կը դժուարանայ յաղթահարել իր շարքերէն ներս պառակտումը:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի Պետական համալսարանի համագործակցութեամբ՝ Յուլիսի 3-30 թուականներուն միջեւ Հայաստանի մէջ «Սփիւռք ամառնային դպրոց 2016» ծրագրին ծիրէն ներս, տեղի պիտի ունենայ մայրենի լեզուի (արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն) արագացուած դասընթացքներ։
Աշխարհի ֆութպոլասէր հասարակութեան հայեացքները այսօր պիտի ուղղուին Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզ, ուր տեղի պիտի ունենայ «Եուրօ-2016»ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյենութեան մրցաշարքին պաշտօնական բացման արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Ֆրանսա-Ռումանիա բացման մրցումը (Ա. խմբակ):