Լրահոս
ԱՆԳԼԻՈՅ ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին երկրի նոր կառավարութիւնը կազմելու պաշտօնը յանձնեց Պահպանողական կուսակցութեան նորընտիր առաջնորդ Թերեզա Մէյին։ Այս վերջինը դարձած է Մարկրիթ Թեչըրէ քսանհինգ տարի վերջ անգլիոյ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած իգական սեռէ առաջին գործիչը։
ՆՈՐ ԽԱՂԸՆԿԵՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը՝ Հենրիխ Մխիթարեան արդէն պատրաստութիւններու ձեռնարկած է՝ Անգլիոյ «Փրէօմիէր լիկ»ին մէջ հանդէս գալու համար։
ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Գոց շուկայի մէջ սկիզբ առած է վերանորոգութեան լայնածաւալ աշխատանքներու ծրագիր մը։ Երէկ արդէն այդ գործընթացին պաշտօնական մեկնարկը տրուեցաւ։
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայկական արդի երաժշտութեան եզակի խումբերէն «Զուլալ» եռեակը ելոյթ մը պիտի ունենայ Երեւանի մէջ:
Համերգին ընդառաջ Թենի Աբէլեան, Երազ Մարգարեան եւ Անայիս Թեքերեան երէկ հիւրընկալուեցան ԹՈՒՄՕ կեդրոնէն ներս:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Ժան-Մարք Էյրօ տեսակցեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարին հետ զրոյցին ներկայ էր նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոս:
Փ. ՓՈՐՈՇԵՆՔՕ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Ուքրայնոյ Նախագահ Փեթրօ Փորոշենքօ պաշտօնական այց մը տուաւ Պաքու, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։
ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան. «Ամենակարեւորը այն է, որ Լեռնային Ղարաբաղ դուրս ըլլայ Ատրպէյճանի կազմէն»:
Ըստ Լաւրովի, հակամարտ կողմերը կարգաւորման ուղղութեամբ աւելի քան երբեք մօտեցած են յաջողութեան հեռանկարին: Ճէյմս Ուորլիքի խօսքերով, համանախագահները պիտի շարունակեն ջանքեր գործադրել՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղեալ բանակցութիւններուն շրջագծով յառաջընթաց ապահովելու նպատակով:
ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻ
Խորհրդարանի մէջ Ալա յայտնեց, որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը գաղթականներու տեղակայուած շրջաններէն ներս տարած է ծաւալուն աշխատանք։ Թղթածրար առ թղթածրար Թուրքիա ուսումնասիրած է կացութիւնը։
ԻՐԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՌԱՔՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ԾԱՒԱԼԸ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի առաջին փոխ-նախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերեալ խնդիրներ։
