ՌԱԶՄԱՕԴԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆ
Թուրք զինեալ ուժերը երէկ գիշերուան ժամերուն ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւններ իրականացուցին Հիւսիսային Իրաքի մէջ։ Ռազմաօդային ուժերը Հաքրուքի շրջանէն ներս ռմբակոծեցին ՓՔՔ-ի թիրախները։
Վրաստանի Վարչապետ Կէորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Պէշթէփէի պալատէն ներս ան տեսակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալներուն շարժումը կը շարունակէ բնորոշել հրատապ օրակարգը:
Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ, Յուլիսի 16-ին, կայացաւ քաղաքի փողոցներէն մէկուն անուանակոչման արարողութիւնը: Փողոցը կոչուեցաւ ջղային հիւանդութիւններու մասնագէտ, Վերոնայի համալսարանի առաջին վերատեսուչ Հրայր Թերզեանի անունով:
71 տարեկանին կեանքէն հեռացաւ հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Դաւիթ Յովհաննէս:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հարցազրոյց մը տուաւ CNN International հեռուստակայանին։
«Հիմնադիր խորհրդարան»ի զինեալները բռնագրաւուած կը պահեն ոստիկանական գունդի բաժանմունքը:
Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ զոհ գնաց մահափորձի մը։ Շինութիւններու եւ թոյլտուութեան վկայականներու գծով փոխ-քաղաքապետ Ճեմիլ Ճանտաշ երէկ յարձակման ենթարկուեցաւ քաղաքապետարանի իր աշխատասենեակին մէջ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը վերջերս կազմակերպեց ամառնային աշխատանոց մը՝ արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ջանքերուն շրջագծով։ Անցեալ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցաւ 2016-ի այս աշխատանոցը, որուն մասնակցեցան նաեւ Իսթանպուլէն կրթական մշակներ։