65-ՐԴ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ անդրանիկ ժողովը, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սահմանադրութիւնն ու նախագահական դրութեան հաստատումը կը դասուին առաջնահերթ:
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի նախարարաց խորհուրդը այսօր կը գումարէ անդրանիկ ժողովը, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ:
Նոր Սահմանադրութիւնն ու նախագահական դրութեան հաստատումը կը դասուին առաջնահերթ:
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը երէկ բռնարարք մը կատարեց այն ցամաքուղիին վրայ, որ կը միացնէ Վանի Չալտըրան եւ Աղրըի Տողուպէյազըտ գաւառակները։ Ճանապարհի երթեւեկութիւնը արգելափակած ահաբեկիչները Սողուքսուի շրջանէն ներս հրկիզեցին տասն բեռնատարներ։
Գարակէօզեան Տան սեփականութիւնը՝ KEY PLAZA-ի չորրորդ յարկին վրայ պաշտօնապէս գործել սկսաւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին գրասենեակը, որու երէկուան բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան - Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատուեցաւ բարեմաղթութիւններով եւ ծափողջոյններով:
Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցաւ ոչ-իսլամ համայնքներու հաստատութիւններու ղեկավարներուն հետ: Ֆէրիգիւղի յունաց եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուած ճաշկերոյթին ընթացքին անմիջական զրոյց ծաւալուեցաւ բոլոր ներկաներուն միջեւ:
Մայիսի 22-ին՝ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ, երգահան, բանաստեղծ, գրող ու դերասան Շարլ Ազնաւուր դարձաւ 92 տարեկան։ Այս առթիւ Շարլ Ազնաւուրի 92-րդ տարեդարձը հայաստանցի հանդիսատեսի կեանքին մէջ նշանաւորուեցաւ համերգով մը: Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ կազմակերպուեցաւ բացօթեայ համերգ մը՝ նուիրուած աշխարհահռչակ երգիչին 92-ամեակին:
Հայկական արմատներով ամերիկեան հանրայայտ երգչուհի եւ դերասանուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) Մայիսի 20-ին նշեց իր ծննդեան 70-ամեակը:
Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի ու միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ-ի Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն:
ԱՔ կուսակցութիւնը շաբաթավերջի արտահերթ համագումարի արդիւնքին ընտրեց իր նոր ղեկավարը:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան կառավարութիւն կազմելու համար պաշտօնի կոչեց նորընտիր կուսակցապետը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամէն բան սկիզբ կ՚առնէր, երբ բրիտանական The Independant պարբերականը կը գրէր, թէ Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտի Ճիւլիանի սէուտցի իշխանէ մը 10 միլիոն ամերիկեան տոլար ստանալու խոստում մը ստացած էր: Սէուտցի իշխանը, որուն անունը ցարդ կը մնայ անյայտ, Ճիւլիանիէն կը պահանջէր կարեւոր ճնշումներ իրագործել 2001 թուականին Նիւ Եորքի Twin Tower-ի յարձակման հետ սէուտցի ահաբեկիչներու առընչութեան մասին բոլոր տեղեկութիւնները թաքցնելու համար:
Իսթանպուլի մէջ այսօր սկսաւ ՄԱԿ-ի Համաշխարհային մարդասիրական գագաթաժողովը, որ կ՚եզրափակուի վաղը։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի համատեղ տանտիրութեամբ կազմակերպուած է այս գագաթաժողովը, որ աշխարհի 60 երկիրներէ ղեկավարներ համախմբած է Իսթանպուլի մէջ։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ կը շարունակեն տուժել նաեւ երկրի հայ համայնքի անդամները։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը Բերիոյ Թեմի Առաջնորդարանի աղբիւրներու հաղորդումներու հիման վրայ տեղեկացուց, որ Գամիշլիի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած է ահաբեկչական պայթում մը, որու հետեւանքով վիրաւորուած է հայ մը։