ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑ ՄԸ՝ ԴԷՊԻ ԱՏԱՆԱ
ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարը փութաց խրախուսելու Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի անձնակազմը:
Ռուս եւ ամերիկեան կողմերուն միջեւ այսօր բարձր մակարդակի վրայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ: Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ճօ Պայտընի հետ:
Չինաստանի Տալիան քաղաքի օտար լեզուներու համալսարանին մէջ կայացաւ բացումը Չինաստանի մէջ առաջին հայագիտութեան կեդրոնին, որ հնարաւոր եղաւ իրականացնել Երեւանի Վ. Պրիւսովի անուան լեզուահասարակագիտական համալսարանի եւ Տալիանի օտար լեզուներու համալսարանի համագործակցութեան արդիւնքով: Այս մասին յայտնեց Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահը Թիւրքմենիստանի մէջ կրկնեց, որ ահաբեկչութիւնը պիտի յաղթահարուի միասնական ջանքերով:
Վերջին շուրջ տասը օրուան ընթացքին Արցախի ճակատին վրայ չորս հայ զինուոր նահատակուեցաւ Ատրպէյճանի կրակով:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու. «Թուրքիոյ համբերութիւնը անսահման չէ»։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիահայութեան վերաբերեալ խնդիրները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայն հայութեան օրակարգը։ Այս մթնոլորտին մէջ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովին հերթական նիստը։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայքներու բաժինը որոշած է ձեռնարկել հրատարակչական ծրագրի մը՝ հաստատելով թարգմանական մատենաշար մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս նախաձեռնութեան նպատակն է մարդկային եւ ընկերային գիտութիւններու հիմնական բնագրերը տրամադրելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս նաեւ հայերէն կարեւոր բնագրերը մատչելի դարձնել այլ լեզուներով։
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Փեքին՝ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցինփինի հրաւէրին ընդառաջ։ Փեքինի մէջ Իլհամ Ալիեւ դիմաւորուեցաւ պետական արարողակարգով եւ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։