ԵՐԿԵՐԵՍՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊՈՌԹԿՈՒՄ
Թուրքիա միշտ կ՚ընդգծէ, որ ԵՄ-ի կողմէ նախատեսուած 3 միլիառ եւրօ յատկացումը պիտի ծախսուի գաղթականներուն ի նպաստ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Լախէյի մէջ քննադատեց այն շրջանակները, որոնք Սուրիոյ տարածքէն ներս չեն կրնար կասեցնել Ռուսաստանի ռմբակոծումները, ներառեալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը: Ըստ վարչապետին, Անգարա միշտ իր դռներն ու սիրտը բաց կը պահէ ապաստանեալներուն համար:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան վաղը երկօրեայ այցելութիւն մը պիտի տայ Գերմանիա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան պիտի մասնակցի Միւնիխի Միջազգային անվտանգութեան համաժողովին, որու շրջագծով պիտի քննարկուին միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերը։
Եւրոմիութիւնը բարեփոխումներով կը պայմանաւորէ յառաջիկայ շրջանին Հայաստանին ցուցաբերելիք աջակցութեան չափը: