«ԱՆՁԱՄԲ ԿԱՐԳԱԴՐԵՑԷՔ»
Թոփհանէի «Թիւթիւն տեփոսու»ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան կատարուեցաւ «Անձամբ կարգադրեցէք» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը բացումը՝ 2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով։ Պատմական ճշմարտութիւնները հանրային կարծիքի նկատառման յանձնելու եւ հասարակաց յիշողութիւն մը կերտելու նպատակները հետապնդած նախագծի մը հիման վրայ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պապիլ» միութեան կողմէ։