ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ
Հինգ տարիէ ի վեր «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամը կը կազմակերպէ գիտելիքներու մրցոյթ՝ «Թէքէեանական ողիմպիական», որուն կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի Վահան Թէքէեանի անուան դպրոցներու աշակերտները։ Տարուէ տարի ձեռնարկը աւելի մեծ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ ու կ՚ընդլայնէ իր ծաւալները։