ՇԵՄՏԻՆԼԻԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ, ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ ԿԱԶԱՄՈՒՂ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐԻ ՊԱՅԹՈՒՄ
Անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը կը շարունակէ բռնարարքներ իրականացնել երկրին մէջ։ Ամբողջ երկիրը ցասումով միացած է ՓՔՔ-ի դէմ եւ բռունցքի մը նման կը հակազդէ ահաբեկչութեան։
Էրտողան այսօր կը տեսակցի Իսմէթ Եըլմազի հետ, ինչ որ կը բնորոշէ նախընտրական շրջանի սկիզբը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մէջ այցելեց ճամբարներ:
Երեւանի մօտ Ճաբոնի դեսպան Էյճի Թակուչի յայտարարեց, որ ամէն տարի իր երկրէն տասը հազար հոգի կ՚այցելէ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ըսաւ, թէ ներկայիս դեսպանատունը կ՚ուսումնասիրէ առեւտուրի եւ ներդրումներու ոլորտէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։
Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ պարգեւատրեց վերջերս տեղի ունեցած Միջհամալսարանական համաշխարհային մարմնամարզի մրցաշարքերուն մէջ յաջողութիւն արձանագրած հայ մարզիկներն ու անոնց մարզիչները։
Արիւն մաքրելու (տիալիզ) փոքր, աժան եւ արդիւնաւէտ սարքը, որուն հեղինակը գանատահայ Անիա Փողարեանն է, միջազգային ուշադրութեան արժանացած է։