ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐ
Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան տեղեկացուց, թէ 2004 թուականէն մինչեւ այսօր Հայաստանի տարածքին վերականգնուած է շուրջ վաթսունութ պատմական յուշարձան։ Այդ նպատակով պետական պիւտճէէն ծախսուած է շուրջ 4 միլիառ դրամ։
Յունիս 28-Յուլիս 5 թուականներու միջեւ, Արցախի մէջ 4-րդ անգամ կը կազմակերպուի դասական երաժշտութեան «Տնջրէ» միջազգային փառատօնը, որուն կը մասնակցին պատանի կատարողներ աշխարհի տասնմէկ երկիրներէ՝ Իտալիայէն, Սլովենիայէն, Պոսնայէն, Ֆինլանտայէն, Շուէտէն, Լեհաստանէն, Լիթվիայէն, Սինկափուրէն, Հոլանտայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Արցախէն:
Հայաստանի անուանի համոյթներն ու մենակատարները իւրայատուկ ելոյթներով, ջերմ բարեմաղթանքներով, շնորհաւորանքներով ու հիացմունքի խօսքերով նշեցին Օֆելիա Համբարձումեանի 90-ամեայ յոբելեանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ շինիչ պատգամներ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան զօրակցութեան իրերայաջորդ ծրագրերը:
Բաղրամեան պողոտային վրայ կը շարունակուի հասարակութեան ցոյցը: