ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ
Երեւան եւ Մոսկուա կը շարունակեն որոնել նոր հեռանկարային ուղղութիւններ՝ համատեղ ջանքեր գործադրելու համար:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները՝ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Սէրկէյ Լավրով այսօր կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց շրջագծով կարծիքի փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցերուն շուրջ: