Լրահոս
ԷՐՏՈՂԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՍԼՈՎԵՆԻԱ, ՍԼՈՎԱՔԻԱ ԵՒ ՌՈՒՄԱՆԻԱ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Սլովենիա, Սլովաքիա եւ Ռումանիա։
ՊՈԱՅՈՅԻ ՄԷՋ ԵԼՈՅԹ
ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵԶՐՈՅՑԹ
«Ես ազգայնական չեմ, սակայն կատարուածը ցեղասպանութիւն մըն էր»։
Էթիէն Մահչուպեան վերապահութիւն յայտնեց Չանաքքալէի կարգադրութիւններուն շուրջ։
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՐՏՈՒԵՑԱՒ
«Եւրօ 2016»ի որակաւորման հանգրուանի մրցումներուն ծիրէն ներս, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ալպանիոյ հետ։ Հակառակորդ մարզադաշտի վրայ հայկական ընտրանին պարտութիւն կրեց 2-1 արդիւնքով։
ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ԴԱՏԸ
Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքը սպանդի ենթարկած ռուս զինուորը՝ Վալերի Փերմեաքով պիտի դատուի Հայաստանի տարածքէն ներս։
ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԶՈՀ ՄԸ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շաբաթավերջին բախումներուն հետեւանքով մահացաւ հայ զինուոր մը՝ Յովսէփ Անդրէասեան (1995)։
ՍԷՐԿԷՅ ՆԱՐԻՇՔԻՆԻ ԱՅՑԸ
Ռուսաստանի Պետական տումայի նախագահ Սէրկէյ Նարիշքին այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։