ԻՐԱՆ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ՀՐԹԻՌՆԵՐ ԱՐՁԱԿԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՎՐԱՅ
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմը կ՚ընդլայնի՝ հետզհետէ աւելի խոր մտահոգութիւն պատճառելով համայն աշխարհին։ Կազզէի արիւնալի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ արդէն պատերազմը ամբողջ տարածաշրջան ընդլայնելու մտադրութեան ազդանշանները երկար ժամանակէ ի վեր կու տար։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հերթական քայլը՝ ուղղեալ նահատակներու վերյիշման:
Ամերիկահայ յայտնի գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ մեծարանքի փառաշուք հաւաքոյթ:
Օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան Ազգային ժողովէն ներս յայտարարեց, թէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կողմէ կը դիտարկուի Հայաստանով անցնող ճանապարհներուն անվտանգութիւնը մասնաւոր կամ պահնորդական ծառայութիւն իրականացնող ընկերութիւններու վերահսկողութեան յանձնելու կարելիութիւնը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Պրազիլ։ Ամսավերջին՝ հոկտեմբերի 28-ին, Սաու Փաուլոյի մէջ նախատեսուած է Սիպիլի համերգը՝ հռչակաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի հետ։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնի համահիմնադիր Սեմ Սիմոնեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ներս գործունէութիւն ծաւալող ընկերութեան համահիմնադիր Էլի Աքիլեանը։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը ուրախ է յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, սակայն, կը կարծէ, թէ շատ աւելին կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ։
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ Եւորասիոյ տնտեսական երրորդ համաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի արտաքին առեւտուրին տեսակէտէ ԵԱՏՄ յառաջատար գործընկեր կը հանդիսանայ։
Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ մեծ կռիւ մը ծագեցաւ՝ հայկական եւ թրքական ֆութպոլի խումբերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, երբ թրքական «Թուրքուազ» եւ հայկական «ՀՄԸՄ-Վալանս» խումբերը կ՚ունենային հանդիպում մը։
Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններով վերահաստատուեցաւ՝ որպէս ոսկէ խարիսխ սրբավայր, որ ազգային անդաստանի պայծառ փարոսն է եւ կ՚առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապարհ՝ բարօր գալիքի հաստատակամութեամբ եւ հոգեւոր արթնութեամբ: