ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱԶԻՒ 16-ՐԴ
Վիեննայի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Եւրոտեսիլ-2015» երգի համաեւրոպական մրցոյթը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ վաթսուներորդ անգամ եւ որուն մասնակցեցաւ նաեւ Աւստրալիան։ Ընդհանրապէս, այս երաժշտական տօնը հատեց իր եզրագիծը, իսկ այս տարուան դափներկիրը հանդիսացաւ Շուէտի ներկայացուցիչը՝ Մոնս Զելմերլեով։
«Եւրոտեսիլ 2015» մրցոյթը այսօր երեկոյեան տեղի կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Հայաստանի անունով մրցոյթին կը մասնակցի «Genealogy» խումբը, որ հանդէս կու գայ վեցերորդ կարգի վրայ։
Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ պիտի դրուի համապատասխան իրաւական հիմքով՝ Արեւելեան գործընկերութեան շրջագծէն ներս:
Սերժ Սարգսեան. «Եւրոպական օրակարգը կը մնայ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ դատախազը անդրադարձաւ Տողու Փերիչէքի գործին:
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի երէկ միօրեայ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Այս կարճատեւ շփումներուն շրջագծով ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։ Փլաթինի յատուկ թռիչքով մը Երեւան մեկնեցաւ իր այս անպաշտօն այցելութեան համար։