ՊՐԱԶԻԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԳԱՐԱ ԿԱՆՉՈՒԵՑԱՒ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Պրազիլիոյ ծերակոյտին կողմէ առնուած այն որոշումը, որ 1915-ը կը ճանչնար որպէս ցեղասպանութիւն։ Ըստ նախարարութեան, այս որոշումը անյարիր է պատմական իրականութեան եւ առ ոչինչ կը համարէ իրաւունքը։


Ֆրանսահայ անուանի պատմաբան Ռայմոն Գէորգեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը, որ Մարտին լոյս տեսած էր թրքերէնով, արդէն սպառած է։ «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ 3000 տպաքանակով հրատարակուած այս արժէքաւոր հատորին խմբագիրներն էին Ահմէտ Ինսէլ եւ Քերէմ Իւնիւվար։
Երէկուան խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ վերջ կը գտնէ ԱՔ կուսակցութեան շուրջ 13 տարուան միահեծան իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ: Բազում հարցականներով բարդ օրակարգ: Անգարայի մէջ նոր ղեկավարութեան մը ձեւաւորման գործընթացին շրջագծով կը քննարկուին զանազան վարկածներ, ներառեալ համախոհական կամ փոքրամասնական կառավարութեան մը ստեղծումը: Խորհրդարան մուտք գործած կուսակցութիւններու գործակցութեան հնարաւորութիւններուն շուրջ հաշուարկներ: Չի բացառուիր նաեւ կանխահաս ընտրութեան մը հաւանականութիւնը
