ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՆԻՍԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւին, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էսթրոզիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով Սարգսեանը Էսթրոզի նշեց, թէ մեծ պատիւ է, որ Հայաստան պատուոյ հիւրը կը հանդիսանայ աշխարհի ամենայայտնի երաժշտական փառատօններէն մէկուն՝ «Միտէմ» միջազգային փառատօնին։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Ֆրանսա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան Քանն քաղաքին մէջ ներկայ կը գտնուի «Նիտէմ» միջազգային յայտնի երաժշտական փառատօնի բացման։
Իրան-Հայաստան կազամուղի վերջին հատուածը կը վաճառուի «Կազփրոմ Արմէնիա» ընկերութեան:
