ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՋԵՐՄՈՒԿ
Հայաստանէ ներս հաստատուեցաւ երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկը՝ այս անգամ մայրաքաղաքէն դուրս: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հայաստանէ ներս հաստատուեցաւ երկրորդ «Հայաթ Փլէյս» պանդոկը՝ այս անգամ մայրաքաղաքէն դուրս: Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
25 Մայիսին լրացաւ Լիբանանի նախագահական աթոռին թափուր մնալու առաջին տարին: Նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյման 25 Մայիսին կը հեռանար Պաապտայի նախագահական պալատէն եւ արաբական աշխարհի երկիրներու միակ քրիստոնեայ նախագահի աթոռը կը մնար թափուր: Վերջին քսան տարիներուն Պաապտայի պալատ հասած նախագահները ընտրուած էին «քաղաքական համաձայնութեան» հիմքով:
Երեւան եւ Պրիւքսէլ կը փնտռեն այն ոլորտները, ուր կրնան տակաւին համագործակցիլ:
«Հայաստան պիտի փորձէ մօտ մնալ Եւրոմիութեան հետ բանակցուած, բայց չստորագրուած համաձայնագրին»:
Ս․ Վարդանանց եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Երեւանի «Ալեքսանդր Սպենդիարեան» պետական օփերայի մեներգիչ, պաս-պարիթոն Սարգիս Բաժբէուկ-Մելիքեանի եւ խմբավար-դաշնակահար Արա Պետրոսեանի համերգը։
Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ վերջերս այցելեցին Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։ Դեսպաններու այս այցելութեան միացան նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն պատասխանատուներ։
Երեւանի «Հայարթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէսը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մեծ հետաքրքրութեան։ Առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ «Արթ-էքսփօ» ցուցահանդէս մը՝ «Հայարթ» մշակութային կեդրոնի, «Վարդգէս Խախամեան Բիւզանդ» հաստատութեան եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։
«Business Insider» համացանցային կայքէջի աւստրալական տարբերակը ներկայացուցած է Եւրոպայի զբօսաշրջութեան լաւագոյն վայրերէն քանի մը հատը, որոնք մինչեւ հիմա անյայտ են շատերու համար: