ՓՐԱԿԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Չեխիոյ Վարչապետ Պոհուսլաւ Սոպոթքայի կողմէ։ Այցելութեան շրջագծով ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Չեխիոյ Խորհրդարանի նախագահ Եան Համաչէքի եւ այդ երկրի պետական աւագանիէն այլ զանազան դէմքերու հետ։

Հալէպի շղթայազերծման վտանգը ներկայիս դարձած է սուրիահայութեան հիմնական մտահոգութեան առարկան:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Ժագ Սերժէֆի ցուցահանդէսի բացումը։ Հայաստանի Քաղաքաշինութեան նախարարութեան Ազգային թանգարան-կաճառին մէջ կը ներկայացուին իր ստեղծագործութիւնները։
Հայաստանի Ուժանիւթի նախարար Երուանդ Զախարեան յայտարարեց, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ աշխատանք կատարուած է երկրի ուժանիւթի անվտանգութեան ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, թէ վերջին մէկ տարուան ընթացքին ուժանիւթի բնագաւառէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մեծ մասը ուղղուած է ուժանիւթի անվտանգութեան հայեցակարգի հաստատման։