ՓԼԱԹԻՆԻ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
ՈՒԷՖԱ-ի նախագահ Միշէլ Փլաթինի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, իր շփումները ունին անպաշտօն բնոյթ։ Երեւանի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի կողմէ։
Խրիմի թուրքերու տեղահանման 71-րդ տարելիցին առթիւ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Խրիմի թաթարներու ղեկավար Մուսթաֆա Ապտիւլմեճիտ Քըրըմօղլուի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ Ուքրայնոյ խորհրդարանի երեսփոխաններէն է։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան յայտնեց, թէ սուգի այս օրուան առթիւ Թուրքիա զօրակցութեան մէջ է իր թաթար ցեղակիցներուն հետ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Քրիստիան Ալպերթուս Պասսոնը, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ ընդգծեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ Ափրիկէի երկիրներու հետ, ներառեալ Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութիւնը, զարգացնել բարեկամական ու փոխադարձ շահաւէտ յարաբերութիւնները։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։
Համաշխարհային քաղաքականութեան կաճառի դասախօսը բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ամերիկայի ձայնը» ռատիօկայանին: