ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՆ-Ի ՄԻՋԵՒ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹ
Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ առեւտուրի եւ ներդրումներու շրջանակային համաձայնագիր։ Ուաշինկթընի մէջ այս փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ ԱՄՆ-ի Առեւտուրի ներկայացուցիչի տեղակալ Տէն Մուլան։


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ուաշինկթընի մէջ այցելեցին Հոլոքոստի թանգարան եւ ԱՄՆ-ի գոնկրէսի գրադարան:
Եւրոպական միութեան գծով նախարար Վոլքան Պոզքըր, որ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած է երեսփոխանութեան թեկնածու, յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ երէկ առաւօտ Սկիւտարի շրջանի փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ համախմբուեցաւ նախաճաշի սեղաններու շուրջ։ Սկիւտարի քաղաքապետութեան զբօսարանին մէջ տեղի ունեցաւ այս նախաճաշը, որուն ներկայ գտնուեցան ԱՔ կուսակցութեան Սկիւտարի մասնաճիւղի ղեկավար Հալիտ Հըզըր եւ նոյն մասնաճիւղի փոքրամասնութեանց գծով պատասխանատու Նուրճան Ալթըն։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները: