ԵՐԵՒԱՆԻՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻՆ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի եւ կը տիրէ հաշտութիւն։ «Կը փափաքիմ տեսնել այդ հաշտութիւնը՝ որքան հնարաւոր է շուտ», ըսաւ Էրտողան եւ աւելցուց, որ թէ՛ Երեւանի եւ թէ Պաքուի իշխանութիւնները դրական քայլերու կը ձեռնարկեն այս ուղղութեամբ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ուաշինկթընի մէջ մասնակցեցաւ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի տանտիրութեամբ կազմակերպուած պաշտօնական ընթրիքին։
Ֆրանսայի Ռուան քաղաքին մէջ երէկ ծագած հրդեհը միջազգային լրահոսին մէջ առաջնահերթ տեղ գտաւ։ Այսպէս, Ռուանի Մայր տաճարի գմբէթէն սկսան ծուխեր բարձրանալ՝ մինչ բոլոր այցելուները տարհանուեցան։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարին միջնորդութեամբ, ՆԱԹՕ-ի 75-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս հանդիպում՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, որոնց ուղիղ շփման առընթեր՝ միջազգային հաւաքի միւս մասնակիցներու՝ մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան անդամ զանազան երկիրներու յարակից տեսակցութիւններուն ընթացքին շօշափուեցաւ տարածաշրջանի իրադրութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան կառավարիչ Սեմենթա Փաուըր արդէն աւարտելու վրայ է դէպի Հայաստան ներկայ այցելութիւնը։ Ան բազմաբնոյթ ծրագիր մը իրականացուց Երեւանի կեցութեան օրերուն՝ մասնաւորապէս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ քննարկելով Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան գործընթացին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները։
Այսօր Ուաշինկթընի մէջ տեղի կ՚ունենայ Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի եւ Ճէյհուն Պայրամովի սպասուած հանդիպումը:
Թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Իլհամ Ալիեւ հեռախօսազրոյցներով շնորհաւորեցին Մեսուտ Փեզեշքիանը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը վերահաստատեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) շրջանակներէն ներս սերտ համագործակցութեան միջոցաւ տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու յանձնառութիւնը։