ԿԱՐՍԻ ՄԷՋ «ՎԵՐԱԴԱՐՁ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ» ՖՈՐՈՒՄ
Կարսի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ ֆորում մը։ «Մետիամաքս» գործակալութիւնը «Ազերթաչ»ի հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, որ այս ֆորումը կազմակերպուած էր Թուրք-ատրպէյճանական ընկերացութիւններու դաշնակցութեան (TADEF), Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին եւ Կարսի քաղաքապետարանին կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Աստանա, ուր մասնակցեցաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքին երկրորդ օրը նախագահ Էրտողան շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները։
Պահպանողականներու 14 տարուան իշխանութիւնը վերջ գտաւ, Բանուորական կուսակցութիւնը յաղթական:
Պէյրութի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) համաժողովը։ Յոբելենական բնոյթ ունէր այս հաւաքը, որովհետեւ ՄԱՀԱԵՄ թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։
Այսօր Հայաստանի մէջ կը նշուի՝ Սահմանադրութեան եւ պետական խորհրդանշաններու օրը։ Նկատի ունենալով, որ իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը օրակարգի վրայ կը պահեն՝ այս օրը մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։
Հայաստանի հիւիսին տեղի ունեցած հեհեղներու պատճառով յառաջացած վնասները հաւասարակշռելու ուղղեալ աշխատանքները կը շարունակուին։ Թէեւ երկրի երկաթուղային ցանցը շուտով վերականգնուած էր, սակայն, խնդիրը այդքանով սահմանափակուած չէ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Հակառակ աշխարհի բոլոր դժուարութիւններուն՝ Անգարա-Մոսկուա կապերը կը զարգանան քայլ առ քայլ»:
Երեւան Թիֆլիզի հարթակին վրայ եւս Պաքուն մեղադրեց նոր խոչընդոտներ ստեղծելու պատճառով:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ անդրադարձաւ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հեռանկարներուն։ Այսպէս, ան տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ աշխատանքային գործընթացը առարկայական փուլ թեւակոխած է՝ նոր աթոմակայանի մը կառուցման հարցին մէջ։