ԻՐԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ՍՊԱՍՈՒՄԱՆ ՓՈՒԼ
Մինչ աւարտած է Իրանի արտահերթ նախագահական ընտրութիւնը, արդէն միջազգային եւ տարածաշրջանային դերակատարները հետաքրքրութեամբ կը սպասեն երկրի նոր ղեկավարութեան վերաբերմունքի յստակացումը՝ համաշխարհային հրատապ հարցերուն շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա կ՚ակնկալէ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ ստորագրումը։
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնի բացման հանդիսաւոր ու խանդավառ արարողութիւնը
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին շնորհաւորականներ ուղարկեց երկու նորընտիր ղեկավարներու՝ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանին եւ Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրին։
Երէկ Ֆրանսա մէջ տեղի ունեցաւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան երկրորդ փուլը, որու արդիւնքին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Բաւական բարձր մասնակցութեան համեմատութիւն արձանագրուեցաւ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ միջազգային բեմահարթակի խմորումները արտասովոր ուշադրութեան առակայ կը դառնան։ Այս ամբողջին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքը:
Ատրպէյճանի տանտիրութեամբ, այսօր Շուշիի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան անպաշտօն գագաթաժողովը։ Ծանօթ է, որ Թուրքիան այս անպաշտօն գագաթաժողովին ընթացքին կը ներկայացնէ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէտ Եըլմազ՝ քանի Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անակնկալօրէն որոշեց չմասնակցիլ Շուշիի հաւաքին եւ ուղեւորուիլ դէպի Գերմանիա՝ զօրակցելու համար Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականին, որ Եւրոպայի առաջնութեան քառորդ եզրափակիչին այսօր կը մրցի Հոլանտայի հետ։
Կարսի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Վերադարձ Արեւմտեան Ատրպէյճան» խորագրեալ ֆորում մը։ «Մետիամաքս» գործակալութիւնը «Ազերթաչ»ի հաղորդումներուն հիման վրայ տեղեկացուց, որ այս ֆորումը կազմակերպուած էր Թուրք-ատրպէյճանական ընկերացութիւններու դաշնակցութեան (TADEF), Ատրպէյճանի սփիւռքի հետ աշխատանքի պետական կոմիտէին եւ Կարսի քաղաքապետարանին կողմէ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան աւարտեց իր այցելութիւնը դէպի Աստանա, ուր մասնակցեցաւ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին։ «ՇՀԿ+» ձեւաչափով կազմակերպուած հաւաքին երկրորդ օրը նախագահ Էրտողան շարունակեց իր երկկողմանի հանդիպումները։