ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆ
Հայաստան 2025-2027 թուականներուն համար ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս այս ուղղութեամբ կայացած քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 148 քուէ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը օրինական է իր երկրին տեսակէտէ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը անկարելի է, եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ։ Ան պնդեց, որ իր երկիրը երբեւէ որեւէ տարածքային պահանջք չէ ունեցած՝ ներառեալ Հայաստանը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Այս վերջնոյն կողմէ գլխաւորուած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքը Հնդկաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է եւ այս կապակցութեամբ Փաշինեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ երէկ գիշեր կազալցակայանի մը մէջ ահաւոր դէպք մը. կան վիրաւորներ:
Հայաստանի հեղեղներու պատճառով կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ միջազգային աջակցութիւն:
Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի կ՚ունենայ 20-րդ անգամ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի մէջ ճատրակի գծով ուշագրաւ վերելք մը կ՚արձանագրէ Յովակ Քորթմոսեան։ Խոստմնալից այս պատանին թերթիս սիւնակագիրներէն Վարանդ Քորթմոսեանի որդին է՝ իբր այդ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի հարազատներէն։
Հեղեղներէն վերջ առաջին անգամ Վրաստանէն երկաթուղիով Հայաստան պենզին եւ տիզել վառելանիւթ փոխադրուեցան:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ, Անգարա։