ՈՉ ԵՒՍ Է ՆԱԽԿԻՆ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ԱՆԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մարսէյլի մէջ մահկանացուն կնքած է նախկին պոլսահայ կրթական մշակ եւ ֆրանսահայ վաստակաշատ համայնքային գործիչ Անի Յովսէփեան, որու կորուստը խոր սուգի մատնած է իր ընտանիքն ու սիրելիներու շրջանակը։