ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենան Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ նիստի բանակցութիւնները։ Ամերիկեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի՝ Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ճէյմս Օ՚Պրայըն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս զրոյցի ընթացքին երկու ղեկավարները խօսեցան Ղարաբաղի մասին։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ շփումներ ունեցաւ Մոսկուայի մէջ, ուր մասնաւորապէս տեսակցեցաւ Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուի եւ Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշկինի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Ուղեւորութեան առաջին փուլին ան շփումներ կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն շաբաթավերջին Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը։
Հայաստան 2025-2027 թուականներուն համար ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի անդամ ընտրուեցաւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի կեդրոնակայանէն ներս այս ուղղութեամբ կայացած քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստան ստացաւ 148 քուէ։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ յայտնեց, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջը օրինական է իր երկրին տեսակէտէ։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը անկարելի է, եթէ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը մնայ անփոփոխ։ Ան պնդեց, որ իր երկիրը երբեւէ որեւէ տարածքային պահանջք չէ ունեցած՝ ներառեալ Հայաստանը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտիի հետ։ Այս վերջնոյն կողմէ գլխաւորուած Ազգային ժողովրդավարական դաշինքը Հնդկաստանի վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած է եւ այս կապակցութեամբ Փաշինեան շնորհաւորեց իր պաշտօնակիցը։
Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ երէկ գիշեր կազալցակայանի մը մէջ ահաւոր դէպք մը. կան վիրաւորներ: