ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԷՆ «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏԿԵՐՆԵՐ»
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Հրայր Ճէպէճեան այս շրջանին հայկական հանրային կարծիքի դատին յանձնած է իր նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Հայկական ազգագրական պատկերներ՝ տեսիլք, կամք եւ յոյս»։ Տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ աւելի առաջ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքը հրատարակած էր, ներկայիս արդէն նոր անակնկալ մը մատուցած է ընթերցասէրներուն։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը պատերազմի սկիզբէն ի վեր արդէն եօթներորդ անգամ այցելեց Իսրայէլ:
Մինչ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով ժամադրուած են Աստանայի մէջ՝ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւն ալ յայտարարեց, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասէ ներս ամուր եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան շուտափոյթ հաստատման։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Երեւան եւ Պաքու աւելի դրական խօսոյթով մը արտայայտուիլ սկսած են հաշտութեան գործընթացին շուրջ:
ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Ահմէտ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Հայաստան կ՚ընթանայ ճիշդ ճանապարհով։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մէջ այս շրջանին կը բաժնէ՝ Ֆրանսայի կողմէ նուիրաբերուած ժեներաթէօրները։ Թիւով չորս՝ 100 քիլօվաթ հզօրութեամբ այս տիզել ժեներաթէօրները ապահովուած են Ֆրանսայի շարք մը քաղաքապետարաններու եւ տեփարթըմաններու գանձատրումով, ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի ջանքերով։
Միջազգային ճազի օրը երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան իրերայաջորդ համերգներ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Ատրպէյճանի հետ սահմանագծումը Հայաստանի մէջ համատարած մտահոգութեան պատճառ կը դառնայ: