ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՆՁ
Անժամանցելի հետքեր. Արա Կիւլէրի որսած դրուագները կ՚անդրանցնեն ժամանակները: Արա Կիւլէրի թանգարանին կազմակերպած «Գումգաբուի ձկնորսները» ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ անմոռանալի վարպետի լուսանկարչական կալուած մուտքին վրայ: Առաջին անգամ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ հրատարակուած թէ՛ վաւերագրական եւ թէ գեղարուեստական գերազանց արժէքով գործերը կը ցոլացնեն՝ նոյնիսկ ոսպնեակէն յորդածները: Ձեռնարկի երէկուան բացումը համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ, հասարակական կամ մշակոյթի գործիչներ եւ համայնքային շրջանակներէն դէմքեր: Հիւրերու շարքին էին Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ ներկայացուցչութեան խորհրդական Անահիտ Չալիքեան:
Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Այշէ Սէօզէն Ուսլուէր երէկ հիւրընկալեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեանը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին շուրջ տարի մը վերջ այսօր կը տեսակցին Քրեմլինէ ներս:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Քուէյթի Էմիր Շէյխ Միշալ էլ Ահմէտ էլ Ճապիր էլ Սապահը։ Թուրքիոյ եւ Քուէյթի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեայ յոբելեանին շարժառիթով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը։
Ռուսաստանի վերընտրեալ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ երդուելով ձեռնարկեց նոր պաշտօնավարութեան շրջանին։ Քլեմլինի պալատին մէջ տեղի ունեցաւ Փութինի պաշտօնամուտը՝ մինչ արարողութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ միանշանակ վերաբերմունքի չարժանացաւ՝ մասնաւորապէս արեւմտեան պլոքի երկիրներու մասնակցութեան տեսակէտէ։
ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Էօզկիւր Էօզէլ եւ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ հանդիպում մը ունեցան Անգարայի մէջ։ Երկու կուսակցութիւններու ղեկավարներուն միջեւ սա եօթ տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին հանդիպումն էր։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին վաղը շուրջ տարի մը անց պիտի տեսակցին Մոսկուայի մէջ:
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկի դէպի Եւրոպա ուղեւորութիւնը առաջնահերթօրէն կը զբաղեցնէ միջազգային օրակարգը։ Իր շրջագայութեան առաջին կանգառը հանդիսացաւ Ֆրանսան, ուրկէ ան կ՚ուղեւորուի նաեւ դէպի Սերպիա եւ Հունգարիա։
Հայաստանի հասարակութեան մէջ կուտակուած հակազդեցութիւնը դուռ կը բանայ ներքին նոր խմորումներու: