ՍԱՀՄԱՆԻ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ. 2 ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն դարձեալ հասան մտահոգիչ լուրեր։ Այսպէս, Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդի դիրքերուն վրայ Ատրպէյճանի կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով հայկական բանակէն երկու զինուոր նահատակուեցաւ, կան նաեւ վիրաւորներ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Հայաստան-Եւրոմիութիւն գործընկերութեան խորհուրդի հինգերորդ նիստին։
Իսթանպուլի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Պալքաններու մարմնամարզի առաջնորութիւնը, որուն մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Այս մրցաշարքի ընթացքին հայկական ընտրանին նուաճեց մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետայլ։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, իշխանութիւնները ցարդ լաւ չեն լսած իրենց պատուիրուած խաղաղութիւնը:
Գագիկ Գինոսեանի համար սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուրնէի հետ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին հանդիպումն էր իր ֆրանսացի նորանշանակ պաշտօնակցին հետ։
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլիա Տարչիաշվիլի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Կեանքը յաճախ ճանապարհորդութեան մը կը նմանցուի։ Սա ունի, անշուշտ, իր տրամաբանութիւնը՝ քանի բազում համեմատութիւններ կրնան հաստատել կեանքի եւ ճանապարհորդութեան զուգահեռականները։
Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ երէկ շնորհաւորեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, որ 5-րդ անգամ վերընտրուեցաւ։ Այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ Շարլ Միշէլ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ ամփոփ գրառումով մը։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Պաղտատի մէջ Իրաքի ղեկավարութեան հետ ունեցած շփումներէն վերջ անցաւ Էրպիլ, ուր եւս բարձր մակարդակի վրայ հանդիպումներ ունեցաւ։