ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՀԱՅՈՐԴԵԱՑ ՏԱՆ ՄԷՋ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ՝ բարձր նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։
«FRANCE 24»ին հարցազրոյց. «Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի վրայ յարձակումը շատ հաւանական է»:
Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ կողմերու միջեւ՝ տարբերակներու եւ շարադրութեան վերաբերեալ փոխանակումները կը շարունակուին։ Երեւան միջոց մը առաջ տեղեկացուցած էր, որ Պաքուի հետ այս շփումի ամբողջին մէջ կայ յետընթաց։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագէտ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքը այցելեցին Իսրայէլի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ հիւպատոս Դաւիթ Ալավերտեան։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձնել եւ այս ամբողջին մէջ կիզակէտին վրայ կը պահէ Երեւան-Պաքու առանցքի իրադարձութիւնները։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ընդամէնը քանի մը չլուծուած հարց մնացած է։
Միսաք եւ Մելինէ Մանուշեանները դարձան առաջին գաղթական-օտարները, որոնք մուտք գործեցին ֆրանսական ազգի մեծ երախտաւորներու կոթողային տաճարը, ուր անոնց ներկայութիւնը պիտի ապահովէ նաեւ իրենց դիմադրակից ընկերներու հոգիներուն թեւածումը: Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցի օրուան համընկնած պատմական արարողութեան ընթացքին մայրաքաղաքի Սիւֆրէն փողոցին վրայ հնչեց Շարլ Ազնաւուրի գլուխ գործոցներէն «Ինկան անոնք»ը:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ իր բոլոր հարեւաններու տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Նացիներու կողմէ գնդակահարման 80-րդ տարելիցին պատմական արարողութիւն: Նախագահ Մաքրոն վերայուղարկման առթիւ կը դամբանախօսէ, հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեան:
Հայկական դասական երաժշտութեան բացառիկ երեկոյթ մը՝ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ:
Փաշինեան Միշէլի հետ հեռախօսազրոյց ունեցաւ՝ Ալիեւի հետ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ: