Լրահոս

ԱՆԳԱՐԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ ԿԱՄՔԸ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ուաշինկթընի իրադարձութիւններուն։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, ուր ընդգծուած է, որ Թուրքիա կ՚ողջունէ Հայաստան-Ատրպէյճան մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ արձանագրուած զարգացումը եւ այս ծիրէն ներս երէկ Ուաշինկթընի մէջ արտայայտուած կամքը։ 

ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկ Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան եռակողմ հռչակագիրը, որու բովանդակութիւնը հրապարակուած է Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ։ 

ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՓԵԶԵՇՔԻԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ

Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններու լոյսին տակ Երեւան-Թեհրան առանցքը միշտ կը մնայ բանուկ։ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ բարձր մակարդակի շփումները պարբերաբար կը շարունակուին՝ նկատի ունենալով, որ տարածաշրջանի յարափոփոխ իրավիճակին մէջ երկու երկիրներու շահերը ունին լուրջ նմանութիւններ։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒ ՍՊԻՏԱԿ ՏԱՆ ՄԷՋ, ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՊԻՏԻ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ արդէն Ուաշինկթընի մէջ են։ Այսօր, Սպիտակ տան մէջ, անոնք կ՚ընդունուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ազգային երիտասարդական համաժողովը, որ ունէր եռօրեայ ծրագիր մը։ Իր տեսակին մէջ երկրորդ այս նախաձեռնութիւնը համախմբեց աշխարհի շուրջ յիսուն երկիրէ աւելի քան վեցհարիւր սփիւռքահայ երիտասարդ։

ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան-Մոսկուա օրակարգը միշտ յագեցած կը մնայ տարակարծութիւններով ու հակադրութիւններով: Հորիզոնի վրայ կ՚ուրուագծուին բարդ երեւոյթներ. Հայաստան պէտք է խուսափի Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու

վատթարացումէ, որովհետեւ կրնայ դէմ յանդիման մնալ իր որդեգրած դիւանագիտութեան կապակցութեամբ պահանջներու:

ՌՈՒՊԻՕ ԵՒ ՊԱՐՐՕ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ՝ ՇՕՇԱՓԵԼՈՎ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան ապահովման վերաբերեալ հարցեր։

Էջեր