ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ՏԱՐԱՆՑԻԿ ՄԵԾ ՆԵՐՈՒԺԸ
Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան յայտարարեց, որ իր երկիրը պէտք է ամրապնդէ յարաբերութիւնները հարեւաններուն հետ։ Իր խօսքով՝ Թեհրան պէտք է անյապաղ ձեռնարկէ այդ քայլին, որովհետեւ տարածաշրջանէ ներս աւելի ամուր կապերը կրնան նպաստել Արեւմուտքի կողմէ սահմանուած պատժամիջոցներու յաղթահարման։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բացօթեայ համերգ մը եկաւ համալրել շարքը այն ձեռնարկներուն, որոնք այս ամառ իրարու կը յաջորդեն՝ խոր տպաւորութիւն թողլով գեղարուեստասէրներուն վրայ եւ համախմբելով մայրաքաղաքի բնակիչներն ու զբօսաշրջիկները։
Երեւանէն շաբաթավերջին հասած դրուագները խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ։ Վարդավառի աւանդական տօնակատարութիւնները, ջրամարտերը վերակենդանացուցին աւանդութիւնները։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման գործընթացի երկարաձգումը կրնայ պատճառ դառնալ տարածաշրջանէ ներս լարուածութեան աճի։
Այսօր, Անգարայի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիա-Ղազախիստան բարձր մակարդակի ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի հինգերորդ ժողովը։
Մենհեթթընի մէջ երէկ երեկոյեան ժամերուն սարսափելի դէպք մը պատահեցաւ, ինչ որ ամբողջ աշխարհէ ներս արձագանգ գտաւ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան միջեւ մաքսատուրքերու հարցին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացաւ։ Առեւտուրի համաձայնագրի ստորագրումով Ուաշինկթըն-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ առ այժմ կանխուեցաւ մաքսի տագնապը։
Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկումներ կը ծաւալուին Մերձաւոր Արեւելքի իրադրութեան՝ մանաւանդ Կազզէի ողբերութեան շուրջ։ Անգարայի եւ Փարիզի դիրքորոշումները հետզհետէ կը դառնան իրերանման եւ այս մթնոլորտին մէջ երէկ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու գծով պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւ նշեց, որ իր երկիրը կը փափաքի, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջ դնէ Ատրպէյճանի դէմ բոլոր տարածքային պահանջներուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխան փոփոխութիւններու միջոցաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ