ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼ
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու հանդիպում՝ Էրտողան-Փաշինեան ժամադրութեան ընդառաջ:
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը դարձեալ գետի նման վարարած է՝ միշտ բեկումնային պահու սպասումնով: Պերրիս Էքինճի եւ Վահան Կոստանեան կարծիքի փոխանակումներ ունեցան երկկողմանի օրակարգի հարցերուն եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն շուրջ: